2012-07-09 10:31:19

Կիրկանօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը.
<<Աստուծոյ մարդեղութիւնը տիեզերքի ամենամեծ հրաշքն է>>


Կիրակի 8 յուլիսի կէսօրին Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի պատշգամէն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը, շրջափակը համախմբուած հարիւրաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները հաստատելով թէ <<Քրիստոսի կատարած հրաշքները զօրութեան ապացոյց մը չեն այլ Աստուծոյ անհուն սիրոյ նշաններ>>, որոնց պատճառաւ Յիսուս ընդունուած չէ իր երկրին մէջ։ <<Յաճախ -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը- ուրիշ նշաններ կը փնտռենք, այլ հրաշքներ, եւ չենք անդրադառնար թէ ճշմարիտ նշանը Աստուծոյ մարդեղութիւնն է, այս է ահա տիեզերքի ամենամեծ հրաշքը>> յարեց Սրբազան Հայրը։
Հաւատացեալներու խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով Լեհ հաւատացեալներուն ու յայցելով աշխարհի լեհաստանի ու լեհերուն` խաղաղութիւն ու ամէն բարիք հուսկ հրաւիրեց հաւատացեալները արձակուրդներու ընթացքին չմոռնալու զԱստուած ու ողջունելով զանոնք անոնց մաղթեց բարի կիրակի ու ապա ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.